ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեան, որ կը գտնուէր Երեւանի «Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ, տեղափոխուած է «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ին յայտնած է անոր պաշտպան Անդրանիկ Մանուկեանը։
Անդրանիկ Մանուկեանը յայտնած է, որ Ստեփան Գալստեան բժիշկներու հսկողութեան տակ է. «Ստացիոնար բուժում է ստանում։ Չեմ կարող ասել թէ ինչ խնդիր է նրա մօտ, դա բժշկական գաղտնիք է։ Ներկայ պահին իրեն վատ է զգում, իր վիճակն այդքան լաւ վիճակում չէ»։
Պաշտպանն ըսած է, որ Ստեփան Գալստեանի խափանման միջոցի փոփոխման հարցով պիտի դիմէ դատարան՝ արտահերթ նիստ կայացնելու համար։
Յիշեցնենք, որ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանի, նախորդ տարուան 2 հոկտեմբերին Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ Ստեփան Գալստեանը կալանավորելու մասին որոշում կայացուցած էր: Գալստեան կալանաւորուած է ՀՀ Զինուած ուժերու կարիքներու համար ռազմամթերքի մատակարարման գործընթացին չարաշահումներ եւ առանձնապէս խոշոր չափերով յափշտակութիւններ կատարելու դէպքերու առթիւ քննուող քրէական գործով։
Այս գործով ամբաստանեալի կարգավիճակ ունին ՊՆ նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, Ռազմական օդուժի նախկին պետ Աւետիք Մուրատեանը, զէնքի մատակարարմամբ զբաղող Դաւիթ Գալստեանը (Պատրոն Դաւիթը), ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ նախկին պետ Արտակ Դաւթեանը եւ այլ բարձրաստիճան զինուորականներ։