image

Գեմպրիճի մէջ. Մարիա Թութիկեանին ուղղուած շնորհակալական խօսք

Գեմպրիճի մէջ. Մարիա Թութիկեանին ուղղուած շնորհակալական խօսք

Օրերս Գանատայի Գեմպրիճ նահանգի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը շնորհակալիքի խօսք մը հնչեցուցած է եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան նուիրալ անդամներէն՝ Մարիա Թութիկեանի հասցէին, որ այս տարի կանոնագրի հիմունքով պիտի լքէ իր պաշտօնը։

 Տարածուած հաղորդագրութիւնէն կը կարդանք՝ 

Եկեղեցւոյս Անդամական Ընդհանուր ժողովին ընդառաջ, Ս. Նշան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով, կու գանք մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու Մարիա Թութիկեանին, նախորդող 6 տարիներու ընթացքին իր մատուցած անսակարկ ծառայութեան եւ նուիրումին համար, որպէս եկեղեցւոյս հոգաբարձական կազմի անդամ։

Կանոնագրային օրէնքին համաձայն՝ Մարիան այս տարի կը դադրի հոգաբարձական կազմին մաս կազմելէ, եւ սակայն՝ միշտ տրամադիր է շարունակելու իր ծառայութիւնը Աստուծոյ եւ մեր եկեղեցւոյ, որովհետեւ խորապէս կը հաւատայ, թէ՝ ծառայութիւնը անպայմանօրէն պաշտօն չ՚ենթադրեր։ 

Ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթենք Մարիային, Աստուած վարձահատոյց ըլլայ իրեն։