Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի հետ եռակողմ պաշտպանական համաձայնագիրը ուղղուած չէ որեւէ երկրի դէմ. այն հիմնուած է հաւաքական զսպման սկզբունքի վրայ եւ պիտի նպաստէ երկիրներուն միջեւ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման, պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համատեղ ծրագիրներու մշակման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը՝ մեկնաբանելով Օգոստոս 7-ին Սէուտական Արաբիոյ մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը։
Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ընդգծած է, որ այդ համաձայնագիրը ուղղուած չէ որեւէ երկրի դէմ եւ բաց է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, բարեկեցութեան ու կայունութեան ձգտող բոլոր պետութիւններու մասնակցութեան համար։
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Իսհաք Տարն ալ յայտարարած է, որ անիկա կարեւոր քայլ է ռազմավարական համագործակցութեան զարգացման եւ այդ երկիրներու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրական ամուր կապերու հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ։
Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստորագրուած «Մեքքէի համաձայնագիրը» լրատուամիջոցները կը կոչեն «իսլամական ՆԱԹՕ»։ Կը նշուի, որ համաձայնագիրի հիմնական դրոյթներէն մէկը հաւաքական պաշտպանութեան սկզբունքն է, որուն համաձայն՝ կողմերէն մէկուն դէմ զինուած յարձակումը պիտի համարուի յարձակում բոլոր կողմերու վրայ։