image

Գանատայի մէջ. Տօքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի մահը

   Գանատայի մէջ. Տօքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի  մահը

 ՀՅԴ Մամուլէն   կը կարդանք՝

 

 

Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային-հասարակական գործիչ տօքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան:

Տօքթ Վազգէն Տէր Գալուստեան անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, մաս կազմած Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիոսութեան Կեդրոնական վարչութեան, ատենապետած կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներուն: Ան երկար տարիներ անդամակցած է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ նախագահած Մուսա լերան հերոսամարտի յոբելենական իրերայաջրոդ յանձնախումբերուն:

Վազգէն Տէր Գալուստեան հանրածանօթ էր նաեւ իբրեւ միջազգային համբաւի արժանացած բժիշկ եւ հեղինակութիւն էր բժշկական հետազօտութիւններու մարզին մէջ: