image

Գանատայի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս.ի այցը՝ Ղըպտիներու Պապին

Գանատայի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս.ի այցը՝ Ղըպտիներու Պապին

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան վերջերս այցելութիւն տուած է Եգիպտոս ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ։ 

Սրբազան հօր ընկերակցած է Եգիպտոսի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացակեան, ինչպէս նաեւ Գահիրէի եւ Աղէքսանդրիոյ մէջ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնող քահանայ հայրեր։ 

 Նշենք նաեւ, որ Գերշ. Տ. Աբգար եպս.ի ամէնէն ուշագրաւ այցելութիւնը եղած է Եգիպտոսի Ղըպտի քոյր եկեղեցւոյ Պատրիարքարան, ուր ընդունուած է  Ղըպտիներու հոգեւոր առաջնորդ՝ Թէոտրոս Պապին կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Գանատայի թեմի առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը հաղորդէ, որ սիրելիր մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը հայկական նախշերով պատրաստուած խաչ մը նուիրած է Պապին, որն իր կարգին յատուկ նուէրով մը պատուած է իր հիւրը։ 

 

 Հանդիպումը առիթ եղած է քննարկելու երկու եկեղեցիներու յարաբերութեանց ընդհանուր պատկերը շեշտը դնելով անոնց պատմական հիմքերուն եւ դարաւոր անցեալի փորձառութեանց վրայ։