image

Գանատայի Թեմ. Առաջնորդ Գերշ. Բաբգէն Արք. Չարեան ընդունած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի այցելութիւնը

Գանատայի Թեմ. Առաջնորդ Գերշ.  Բաբգէն Արք.  Չարեան ընդունած է  ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի այցելութիւնը

Օրերս Գանատա կը գտնուէր ՀՀ Ազգային Ժողովի «հայաստան»  խմբակցութեան  անդամներէն, պատգամաւոր՝ Քրիստինէ Վարդանեան։  Ան այս առթիւ ընդունուած է  Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ   Գանատայի Թեմի  Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի կողմէ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է քննարկելու ներհայաստանեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առընչուող հարցեր։ 

Եղելութեան մասին «Արեւելք»  վերահասու դարձաւ "Horizon weekly" դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 

Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի

15 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Քրիստինէ Վարդանեանը։

Հանդիպման ներկայ էին՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ տիկին Նորա Արուշեանը եւ «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեանը։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ներհայաստանեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առընչուող հարցեր։

Անոնք նաեւ անդրադարձան հայութեան դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներու մասին։