Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Գանատայէն ապրանքներու ներմուծման համար 25 տոկոս մաքսատուրքեր սահմանելէ ետք, կրկնած է, որ հարեւան երկիրը պէտք է դառնայ Միացեալ Նահանգներու «սիրելի 51-րդ նահանգը»։ Ինչպէս նշած է news.sky.com-ը, ան այդ մասին գրած է Truth Social հարթակին վրայ:
«Մենք հարիւր միլիառաւոր տոլարներ կը վճարենք Գանատային օժանդակելու համար, ինչո՞ւ, պատճառ չկայ: Մեզի ոչինչ պէտք է այն ամէնէն, որ անոնք ունին։ Մենք ունինք անսահմանափակ ուժանիւթ, պէտք է արտադրենք մեր սեփական մեքենաները եւ ունինք աւելի շատ փայտանիւթ, քան կրնանք օգտագործել», - գրած է ան։
Թրամփ պնդած էր, որ առանց «զանգուածային օժանդակման» Գանատան «պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ որպէս կենսունակ երկիր»:
«Հետեւաբար, Գանատան պէտք է դառնայ մեր սիրելի 51-րդ նահանգը: Պիտի ըլլան շատ աւելի ցած հարկեր եւ շատ աւելի լաւ ռազմական պաշտպանութիւն Գանատայի ժողովուրդի համար. պիտի չըլլան մաքսատուրքեր», - գրած է ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ դառնալէ ետք Թրամփ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն անուանած էր «Գանատայի մեծ նահանգի նահանգապետ»: Ան նշած էր, որ Գանատան եւ Մեքսիքան պէտք է դառնան Միացեալ Նահանգներու մաս, եթէ կ՚ուզեն շարունակել օգնութիւն ստանալ Ուաշինկթընէն:
«Մենք կ՚օժանդակենք Գանատային տարեկան աւելի քան 100 միլիառ տոլարով: Մենք կ՚օժանդակենք Մեքսիքային գրեթէ 300 միլիառ տոլարով: Ինչո՞ւ մենք պէտք է այդ ընենք: Թող օժանդակութիւններ ստանալու փոխարէն անոնք դառնան նոր նահանգներ»,-ըսած էր Թրամփը։