image

Գանատան լիովին կ՚աջակցի Ուքրանիոյ կողմէ հեռահար սպառազինութեան կիրառման. Թրիւտօ

Գանատան լիովին կ՚աջակցի Ուքրանիոյ կողմէ հեռահար սպառազինութեան կիրառման. Թրիւտօ

Գանատան լիովին կ՚աջակցի Ուքրանիոյ՝ օգտագործելու հեռահար սպառազինութիւն՝ յայտարարած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն:

Ան ընդգծած է, որ այդ կ՚օգնէ կանխել եւ արգիլել ուքրանական քաղաքացիական ենթակառուցուածքները շարունակաբար ոչնչացնելու՝ Ռուսիոյ կարողութիւնը: Թրիւտօն լրագրողներուն ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը փորձէ խորապէս ապակայունացնել միջազգային կանոններու վրայ հիմնուած կարգը եւ աւելցուցած՝ այդ պատճառով ալ Գանատան կը պնդէ, որ Ուքրանիան պէտք է յաղթէ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան Ուքրանիոյ հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրներն ուղիղ պատերազմ պիտի սկսին Ռուսիոյ հետ, եթէ թոյլ տան Ուքրանիոյ օգտագործել հեռահար զէնք՝ ռուսական տարածքի խորքերը հարուածելու համար: Դիւանագէտը նշած է, որ իրավիճակի նման զարգացումը հիմնովին կը փոխէ Մոսկուայի յարաբերութիւնները արեւմտեան ճամբարի հետ: