ՀՕՄ-ի Գանատայի ընտանիքէն տխուր լուր ստացանք։
Կը հաղորդուի, որ օրերս իր մահականացուն կնքած է Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի շրջանի նուիրեալ անդամներէն՝ Վանուհի Իսաջանեանը։
Այս մասին նոյնպէս գրուած է ՀՕՄ-ի Գանատայի մարմնի դիմատետրի էջին, ուրկէ կը կարդանք՝
ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը անհուն կսկիծով կը գուժէ Շրջանիս առաջին ատենապետուհի, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մեսրոպ Մաշտոց շքանաշանակակիր, վաստակաշատ ընկհ Վանուհի Իսաջանեանի մահը:
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ՀՕՄի, ՀՅԴ-ի, Գանատայի Հայոց Թեմի, Համազգայինի, եւ ՀՄԸՄի սգակիր մեծ ընտանիքին եւ բոլոր հոգեհարազատներուն:
Խունկ ու աղօթք իր անմար յիշատակին: