image

Գանատա. Մոնթրէալի եւ Լաւալի ընտրութիւններուն 4 հայորդիներ յաղթանակ տարած են

Գանատա. Մոնթրէալի եւ Լաւալի  ընտրութիւններուն 4  հայորդիներ յաղթանակ  տարած են

Գանատայի Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2021-ին:

Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի թեկնածուներէն չորսը յաղթանակ արձանագրեցին:

Մոնթրէալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայազգի թեկնածուներն են՝ Վանա Նազարեան, Մոնթրէալի Սէն Լորան ընտրատարածքի Գոթ Տէ Լիէս շրջան: Մարի Տէրոս-Չավուշեան, Մոնթրէալի Վիլերէյի Փարք Էքսթէնշըն ընտրատարածք: Շահէ Շարքի Տարագճեան, Մոնթրէալի Գաբ-Սէն Ժագ ընտրատարածքի Փիէռֆօնտ-Ռօքսպորու շրջան:

Իսկ Լաւալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց  Սեդա Թոփուզեան, Լաւալի Ռենօ շրջան: