Օրեր առաջ Գահիրէի մէջ իր մահկանացուն կնքեց համայնքային յարգուած գործիչներէն ՝Օննիկ Պըլըքտանեանը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ գաղութի անդամներէն։
Կը նշուի, որ հանգուցեալը երկար տարիներ ծառայած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ու եղած է յատկապէս Գահիրէի մարմնի նուիրեալ պատասխանատուներէն մին։
Հանգուցեալին կատարուած է ազգային թաղում եւ ընթացքին ալ հնչած է ՀԲԸՄ-ի այս առթիւ պատրաստած խօսքը, որ կը կիսենք «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ։ Իւրաքանչիւր նուիրեալի կորուստ մեծ կորուստ է բոլորիս համար, անկախ կուսակցական, կամ գաղափարական պատկանելիութիւնէ, եւ ի մասնաւորի այս ժամանակներուն, երբ իրական նուիրեալներու շարքերը օրէ օր կը նօսրանան։
Յարգելի սգակիր բարեկամներ,
Տասը օրեր առաջ եկած էինք հրաժեշտ տալու ՀԲԸՄի կարեւոր անուններէն տոքթոր Վիգէն Ճիզմէճեանին: Այսօր անգամ մը եւս կու գանք ծանր սրտերով եւ խորունկ տխրութեամբ մեր վերջին յարգանքը մատուցելու եգիպտահայ համայնքի արժանաւոր զաւակներէն մէկուն, ՕՆՆԻԿ ՊԸԼԸՔՏԱՆԵԱՆին:
Իւրաքանչիւր անհատ, որ կեանքը կը նուիրաբերէ իր համայնքի բարօրութեան, կ'աշխատի իր կարելի ընել այդ համայնքին զաւակներուն կեանքը դիւրասահ դարձնելու համար, արժանի է ոչ միայն յարգանքի, այլ եւ յիշուելու մեր համայնքին պատմութեան մէջ:
Օննիկ Պըլըքտանեան, մեր բոլորին սիրելի Օննօն կու գար եգիպտահայ այնպիսի ընտանիքէ մը, որուն համար նուիրումն ու ծառայութիւնը կենսաձեւ էին, կեանքը իմաստաւորող միջոցներ: Հաւանաբար այս է պատճառը, որ Օննիկ Պըլըքտանեան իր կեանքի ընթացքին, ըլլալով ծառայասէր, միշտ եղած է կարեւոր պաշտօններու վրայ, միշտ զբաղեցուցած է մեր համայնքին համար էութենական նշանակութիւն ունեցող դիրք:
Այսօր Օննօ Պըլըքտանեան ատենապետն էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովին, ուր շրջան մը վարած է նաեւ գանձապահի պաշտօն, ինչպէս եւ փոխ ատենապետը ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին:
Մինչեւ իր անժամանակ մահը Օննիկ Պըլըքտանեան ատենապետն էր Գահիրէի Քաղաքական ժողովին: Եղած է փոխ ատենապետ Գահիրէի Պատկառելի Թեմական ժողովին:
Եղած է պատասխանատուն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչումին Եգիպտոսի տարածքին գործող հրատարակչական յանձնախումբին:
Եղած է անդամ Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան Երիտասարդական Յանձնախումբին եւ ամբողջ 10 տարի ատենապետը անոր, որմէ ետք, աւելի քան 25 տարիներ զբաղեցուցած է Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան գանձապահի պաշտօնը:
Մաս կազմած է ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ մարզական ակումբին վարչութեան:
Օննիկ Պըլըքտանեան աւարտած է Գոլէժ Տը լա Սէնթ Ֆամիյ երկրորդականն ու պատուոյ յիշատակութեամբ շրջանաւարտ եղած է Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանէն, ուրկէ նաեւ ստացած է իր մագիստրոսական աստիճանը (masters), վարչագիտութեան մէջ:
Ազնիւ, ծառայասէր, լրջախոհ, խղճամիտ եւ բարի հոգւոյ տէր Օննիկ Պըըլըքտանեան, իր վարած պատասխանատու պաշտօններուն բերումով ձեռք բերած է հարուստ փորձառութիւն, որ զինք իրաւամբ կը դարձնէ մեր գաղութին հասարակական գործիչներէն մէկը, որուն պիտի նային գալիք սերունդները որպէս տիպար:
Աստուծոյ մխիթարութիւնը կը հայցենք իր ազնիւ տիկնոջ, զաւակներուն, քրոջ, որուն ցաւը կրկնակի է, ընտանիքին եւ համայնքիս իւրաքանչիւր անդամին համար:
Լոյսերու մէջ հանգչի խաղաղութեամբ իր ազնիւ հոգին: