image

G7-ի երկիրները վճռած են շարունակել կալանքի տակ պահել Ռուսիոյ գումարային աւանդները

G7-ի երկիրները վճռած են շարունակել կալանքի տակ պահել Ռուսիոյ գումարային աւանդները

«Մեծ եօթնեակի» Արտաքին գործոց նախարարները մտադիր են, որ շարունակեն պահել Ռուսիոյ սառեցուած աւանդները:

Ըսուած է նախարարներու յայտարարութեան մէջ, որ ընդունուած է Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս կայացած հանդիպման:

«Նախարարներն ընդգծած են, որ Ռուսիա ստիպուած է վճարելու Ուքրանիոյ եւ անոր ժողովուրդին պատճառած վնասի եւ աւերածութիւններուն համար: Անոնք բարձր գնահատած են G7-ի գանձապետարանի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու աշխատանքը մինչեւ օրս այս հարցի վերաբերեալ եւ աջակցած անոնց յետագայ քննարկումներուն:

Անոնք վերահաստատած են իրենց վճռականութիւնը՝ պահելու Ռուսիոյ աւանդները, քանի դեռ Մոսկուան չի հատուցեր պատճառուած վնասը»,- ըսուած է Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան  մէջ:

Նախարարներու հանդիպումը այս տարուան G7-ի առաջինն էր Իտալիոյ  նախագահութեան ներքոյ: