image

Ատրպէյճանը հակուած է սահմանազատման գործընթացը շարունակելու նոյն ձեւաչափով, որ եղած է Տաւուշի մէջ․ Մհեր Գրիգորեան

Ատրպէյճանը հակուած է սահմանազատման գործընթացը շարունակելու նոյն ձեւաչափով, որ եղած է Տաւուշի մէջ․ Մհեր Գրիգորեան

Ատրպէյճանական կողմը հակուած է Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացը շարունակելու նոյն ձեւաչափով ու ալկորիթմով, որ իրականացուած է Հայաստանի Տաւուշի մարզի եւ Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանի հատուածին մէջ։

Կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է փոխվարչապետ, Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանը։ 

Փոխվարչապետը մանրամասնած է, որ մայիս 15-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպման ժամանակ շարունակուած են քննարկումները՝ կապուած սահմանազատման կանոնակարգի հետ․

«Կարծես թէ համաձայնութիւն կայ, որ այս գործընթացում որդեգրած սկզբունքներն արտացոլուելու են կանոնակարգի մէջ, եւ կանոնակարգի նախագծի վրայ աշխատանքները ինտենսիւ շարունակուելու են։ Ուզում եմ վերահաստատել, որ ադրբեջանական կողմը նոյնպէս հակուած է սահմանազատման գործընթացը շարունակել նոյն ձեւաչափով, նոյն ալգորիթմով, որն այս անգամ մենք կիրառեցինք»,- յայտարարած է փոխվարչապետը։