image

Կոչ կ՚ընենք շարունակելու հայ-ատրպէյճանական սահմանազատումը. Ֆրանսայի Արտաքին գործոց

Կոչ կ՚ընենք շարունակելու հայ-ատրպէյճանական սահմանազատումը. Ֆրանսայի Արտաքին գործոց

Ֆրանսան կ՚ողջունէ մայիս 10-ին եւ 11-ին Ալմա Աթայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ բանակցութիւններու նոր շրջանի կայացումը։ Այս մասին ըսուած է երկրի ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

«Որպէս այս գործընթացի հիմք՝ Ֆրանսան կ՚ընդգծէ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրին ու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման Երեւանի եւ Պաքուի հաւատարմութիւնը վերահաստատելու կարեւորութիւնը՝ 2022 թուականի հոկտեմբեր 7-ին Փրակայի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպման համահունչ։

Փարիզը կոչ կ՚ընէ այս ծիրէն ներս շարունակելու սահմանի սահմանազատումը 2024 թուականի ապրիլ 19-ի արձանագրութեան մէջ համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ: Միեւնոյն ժամանակ, կոչ կ՚ընենք շարունակելու քննարկումները՝ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման նպատակով։

Մենք կ՚ողջունենք Ղազախստանի իշխանութիւններու նախաձեռնութիւնը՝ նպաստելու այդ բանակցութիւններու կայացման։

Ֆրանսան իր գործընկերներու հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: