image

Ռուսիոյ Զինուած ուժերը գրաւած է Ռապոթինօ, Կլուպոքոէ, Լուքեանցի գիւղերը

Ռուսիոյ Զինուած ուժերը գրաւած է Ռապոթինօ, Կլուպոքոէ, Լուքեանցի գիւղերը

Ռուս զինուորականները Զափորոժիէի մարզի մէջ ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Ռապոթինօ գիւղը, յայտնած է Ռուսիոյ ՊՆ-ն։

Աւելի վաղ «Մենք Ռուսիոյ հետ միասին ենք» շարժման նախագահ Վլատիմիր Ռոկովըն ըսած էր, որ Ռապոթինօ գիւղէն գրեթէ ոչինչ մնացած է. բնակավայրը ամայի աւերակներու վերածուած է։

Դեռ փետրուարի վերջը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ գրոհային գործողութիւններու հետեւանքով ռուսական ստորաբաժանումները յաջողած են յենակէտեր ստեղծել գիւղին մէջ։

Ռուսիոյ ՊՆ-ն յայտնած է նաեւ Խարքովի մարզի Կլուպոքոէ եւ Լուքեանցի բնակավայրերը վերահսկողութեան տակ վերցնելու մասին։