image

G7-ի երկիրներ «Կակուղ» մօտեցում որդեգրած են Ռուսաստանի հանդէպ

G7-ի երկիրներ «Կակուղ» մօտեցում որդեգրած են Ռուսաստանի հանդէպ

G7-ի երկիրները շահագրգռուած են Ռուսաստանի հետ կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններով: Այս մասին ըսուած է Լոնտոնի մէջ G7-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ, G7-ը պիտի զօրացնէ Մոսկուայի սպառնալիքներուն դէմը առնելուն ուղղուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ պիտի հակազդէ «ցանցահէնային սպառնալիքին եւ ապատեղեկատուութեան»:

G7-ի անդամները Ռուսաստանի իշխանութիւններուն նաեւ կոչ ըրած են միջոցներ ձեռնարկելու Ուքրանիոյ հետ սահմանին եւ Ղրիմի մէջ «իրավիճակը լիցքաթափելու համար»: Բացի այդ, անոնք մտահոգուած են Ռուսաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակով, «ընդդիմութեան, իրաւապաշտպաններու եւ լրատուամիջոցներու նկատմամբ սահմանափակումներով»: