Ֆրանսայի մէջ Ամանորի գիշերը խուլիկաններ աւելի քան 870 ինքնաշարժ այրած են: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարար՝ Ժերալտ Տարմանեն, հաղորդած է ԹԱՍՍ։
«Այրուած փոխադրամիջոցներու թիւը նախորդ տարիներու համեմատ կը նուազի։ Կը նուազին նաեւ ոստիկաններուն վրայ յարձակումներու դէպքերը», ըսած է նախարարը։ Ան յիշեցուցած է, որ 2019 թուականի Ամանորի գիշերը խուլիկանները աւելի քան 1300 ինքնաշարժ այրած էին։
Տարմանեն յայտնած է, որ մէկ գիշերուայ ընթացքին Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 440 մարդ ձերբակալուած է ։ Անոնցմէ մօտ 380-ը կալանաւորուած են։ Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ոստիկանութեան եւ ժանտարմերիայի աշխատակիցներուն, որոնք 1 Յունուարի գիշերը պարեկութիւն ըրած են քաղաքներու փողոցները։
Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ Ամանորի գիշերը Ֆրանսայի բնակիչներու ու զբօսաշրջիկներու անվտանգութիւնը ապահոված են աւելի քան 95 000 ոստիկաններ ու ժանտարմներ։