image

Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները կը գտնուին ամենացած մակարդակի վրայ. Պայրամով

Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները կը գտնուին ամենացած մակարդակի վրայ. Պայրամով

Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները կը գտնուին ամենացած մակարդակի վրայ։

Ինչպէս հաղորդած է ԱՊԱ, այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Ան նշած է, որ Ֆրանսայի կողմէն հնչած են թէ՛ բաց յայտարարութիւններ, թէ՛ սպառնալիքներ իր երկրի հասցէին:

«Ամենայն պատասխանատուութեամբ կրնամ ըսել, որ տարբեր հարթակներով մեր երկրի դէմ համակարգային աշխատանքի հիմնական գլխաւոր երկիրը Ֆրանսան է: Ատրպէյճան համարժէք պիտի պատասխանէ անոր։

Մենք այնպիսի երկիր չենք, որ այդ անպատասխան ձգենք։ Ինչպէս արդէն նշեցի, Ֆրանսան առաջինն էր, որ քայլերու ձեռնարկեց մեր երկրի դէմ։ Երբ ան գիտակցի իր սխալը եւ այլընտրանքային քայլերու ձեռնարկէ, այդ ժամանակ ալ մենք համապատասխան ձեւով կը պատասխանենք»,- ըսած է ան։