Ֆրանսան կ'աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ դրական աշխուժութեան: Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` հանրապետութեան անկախութեան օրուան առթիւ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած շնորհաւորանքին մէջ, որ հրապարակուած է Ատրպէյճանի նախագահի մամուլի ծառայութիւնը:
«Օգտուելով այս հնարաւորութենէն` ես կը վերահաստատեմ Ֆրանսայի անսասան հաւատարմութիւնը խաղաղ համաձայնագրի բանակցութիւններուն եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Կ'ուզեմ ձեզ վստահեցնել, որ ես կը սատարեմ վերջին ամիսներուն ի յայտ եկած դրական աշխուժութեան` թէ՛ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, թէ՛ սահմանային հարցերով երկկողմ յանձնաժողովի ստեղծման հարցով», կ'ըսուի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
Մաքրոն նաեւ ընդգծած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը: