«Այսօր առաւօտեան նախագահ Թրամփի, նախագահ Զելենսքիի եւ իմ եւրոպացի գործընկերներուն հետ համակարգող հանդիպում տեղի ունեցաւ՝ նախագահ Թրամփի եւ նախագահ Փութինի միջեւ Ալասքայի մէջ կայացած հանդիպումէն յետոյ»։ Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն։
«Այդ հանդիպումէն յետոյ մենք շարունակեցինք մեր քննարկումները իմ եւրոպացի գործընկերներուն հետ։ Մենք միակարծիք ենք.
▪️ Անհրաժեշտ է շարունակել աջակցիլ Ուքրանիոյ եւ ճնշում գործադրել Ռուսիոյ վրայ, քանի դեռ անոր յարձակողական պատերազմը կը շարունակուի, եւ Ուքրանիոյ իրաւունքները յարգող ամուր եւ երկարատեւ խաղաղութիւնը չէ կնքուած։
▪️ Ցանկացած երկարատեւ խաղաղութիւն պէտք է ուղեկցուի անսասան անվտանգութեան երաշխիքներով։ Այս առումով ես կ'ողջունեմ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը՝ իր ներդրումն ունենալու այդ գործընթացին մէջ։ Կարեւոր է նաեւ սորվիլ վերջին 30 տարիներու բոլոր դասերը, մասնաւորապէս՝ Ռուսիոյ կողմէ իր սեփական պարտաւորութիւնները չկատարելու վաղեմի հակումը։
Մենք պիտի շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ նախագահ Թրամփի եւ նախագահ Զելենսքիի հետ՝ ապահովելու համար, որ մեր շահերը պաշտպանուած ըլլան միասնութեան եւ պատասխանատուութեան ոգիով։
Ֆրանսան կը շարունակէ վճռականօրէն աջակցիլ Ուքրանիոյ»,- նշած է ան։