image

Ֆրանսա. Ձերբակալուածներու 30 տոկոսը անչափահասներ են

Ֆրանսա. Ձերբակալուածներու 30 տոկոսը անչափահասներ են

Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութիւնը խօսած է անկարգութիւններուն մասնակցող դեռահասներուն մասին։

Ֆրանսայի մէջ չորս գիշերներու ընթացքին անկարգութիւններու ժամանակ 2,4 հազար ձերբակալուածներուն մօտաւորապէս 30%-ը անչափահասներ են։ BFM TV-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարար Էրիք Տիւփոն-Մորեթի։

«Ֆրանսայի կալանաւորուածներուն մօտ 30%-ը անչափահասներ են»,- ըսած է նախարարը։

Աւելի վաղ նախարարը յիշեցուցած էր, որ այն ծնողներուն, որոնց 13 եւ 14 տարեկան փոքր երեխաները Ֆրանսայի գիշերային անկարգութիւններուն մասնակցած են, կը սպառնայ 2 տարուան ազատազրկում ու 30 հազար եւրօ տուգանք։