Վաղարշապատի մէջ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 45.12%-ը կամ 31,527 ընտրող, յայտնած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը:
Նշենք, որ Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքին մէջ համամասնական ընտրակարգով աւագանիի ընտրութիւններուն ժամը 17։00-ի դրութեամբ մասնակցած է 25,473 մարդ կամ ընտրողներու 36,72 տոկոսը։ Տուեալները հրապարակած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։
Ժամը 11.00-ի դրութեամբ, քուէարկութեան մասնակցած էր 5,283 մարդ կամ ընտրողներու 7,56%-ը, ժամը 14.00-ի դրութեամբ 15,868 մարդ կամ ընտրողներու 22,71%-ը։
Վաղարշապատ համայնքի ընտրողներու թիւը, ըստ Ներքին գործոց նախարարութեան միգրացիայի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան տուեալներու՝ 69,866 է։
Վաղարշապատի մէջ ընտրութիւնները կայացնելու համար կազմաւորուած են 47 տեղամաս: Ընտրութիւններուն մասնակցած է 8 քաղաքական ուժ։