«GALLUP»ի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Արման Նաւասարդեանը ներկայացուցած է վերջին հարցման արդիւնքները։
Հարցին՝ «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սիւնիքով ճանապարհ տրամադրելը», քաղաքացիներու 4%-ը պատասխանած է՝ «լիովին դրական», 18,1%-ը՝ «աւելի շատ դրական», 11,3%-ը՝ «աւելի շատ բացասական», իսկ 47,6%-ը՝ «ընդհանրապէս բացասական», 5,6%-ը դժուարացած է պատասխանել։
«Տեսնում ենք, որ շուրջ 60%-ը բացասական է արձագանգել Սիւնիքի տարածքով ճանապարհի տրամադրելու հանգամանքին»,– նշած է Նաւասարդեանը։
Հարցին՝ «Ուաշինկթընեան համաձայնագիրը կը նպաստէ՞ արդեօք երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման տարածաշրջանին մէջ», 15,4%-ը պատասխանած է՝ «միանշանակ այո», 22,8%-ը՝ «աւելի շատ այո», 13,5%-ը՝ «աւելի շատ ոչ», իսկ 41,6%-ը՝ «միանշանակ ոչ»։
«Այսինքն, այն թեզին, որ Վաշինգտոնեան համաձայնագիրը կը նպաստի խաղաղութեանը, հարցուածների գրեթէ 55%-ը չի հաւատում»,– ըսած է Նաւասարդեանը։
Մէկ այլ հարցով՝ Ատրպէյճանը Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը նշած է որպէս վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու նախապայման։ Ո՞ր դատողութեան հետ աւելի համաձայն էք», պատասխանները հետեւեալն են․
«Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին գործն է, եւ որեւէ երկիր, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանը, իրաւունք չունի ազդելու այդ գործընթացի վրայ – 58%։
Սա Ատրպէյճանի հերթական քաղաքական ծուղակն է, եւ անկախ փոփոխութենէն՝ Ատրպէյճանը համաձայնագիր պիտի չստորագրէ – 25,1%։
Պիտի քուէարկեմ Սահմանադրութեան փոփոխութեան, եթէ այդ բերէ իրական եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ – 12,2%։
Կը դժուարանամ պատասխանել – 4,7%»:
Նշենք, որ հարցումը տրուած է հեռախօսազանգի միջոցով 1,101 քաղաքացիներու, օգոստոս 25-03-ն ինկած հատուածին: