image
Հրատապ լուրեր:

Ֆայսալ պըն Ֆարհան Պէյրութ պիտի այցելէ

Ֆայսալ պըն Ֆարհան Պէյրութ պիտի այցելէ

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան յայտարարած է այս շաբաթ Լիբանան այցելելու մտադրութեան մասին։ Այս մասին ան յայտնած է Տաւոսի մէջ Տնտեսական համախմբումի ընթացքին իր ելոյթին մէջ։

Նախարարը իր արտասանած խօսքին մէջ նաեւ ըսած է. «Մենք Լիբանանի մէջ նոր նախագահի ընտրութիւնը կը դիտարկենք իբրեւ չափազանց դրական զարգացում... Մենք Լիբանանի մէջ շօշափելի քայլեր եւ իսկական բարեփոխում տեսնելու կարիքը ունինք»։

Պըն Ֆարհան նաեւ յայտնած է, որ պէտք է բոլորը Սուրիոյ օգնութեան ձեռք երկարեն, որովհետեւ նոր վարչակազմը ծանր ժառանգ ստացած է:

«Դամասկոսի վարչակազմէն շրջանին մէջ գործընկերներու եւ միջազգային ընտանիքին հետ հաղորդակցելու փափաք նկատեցինք», ըսած է ան, շեշտելով, որ «Սուրիոյ վրայ հաստատուած պատժամիջոցները մեծ բեռ կը ներկայացնեն»։

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է. «Կ՛ապրինք շրջանի մը մէջ, որ վտանգներով լեցուն է, սակայն նաեւ հսկայական ներուժի տէր է»:

«Պէտք է Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմէն եւ մեր շրջանին մէջ որեւէ պատերազմէ խուսափինք», ընդգծած է պըն Ֆարհան:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն