Facebook-ը կը խստացնէ օգտուողներու համակարգուած խումբերու դէմ պայքարը, որոնք կը խախտեն համայնքին կանոնները կամ կը դրդեն այլ օգտուողներ՝ խախտումներ կատարելու ընկերութեան հարթակներուն վրայ: Այդ նպատակով Facebook-ը պիտի օգտագործէ ռազմավարութիւն մը՝ կեղծ հաշիւներու արգելափակման համար:
Նորամուծութիւնը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Facebook-ի պահանջները խախտող քաղաքական եւ այլ շարժումներու համար: Որպէս վնասակար գործողութիւններու օրինակներ բերուած են բովանդակութեան կամ հաշիւներու վերաբերեալ չհիմնաւորուած զանգուածային բողոքներ՝ անոնց հետագայ արգելափակման նպատակով, ինչպէս նաեւ ահաբեկման օրինակներ, որու պարագային օգտուողները իրար հետ համակարգուած մեկնաբանութիւններ կամ գրառումներ կը կատարեն՝ ընդհանուր բացասական նպատակ հետապնդելով:
Նոր միջոցները անվտանգութեան խումբերուն թոյլ պիտի տան բացայայտել համակարգուած խումբերը, որոնք պարբերաբար կը խախտեն ընկերային ցանցի կանոնները եւ աւելի կտրուկ գործողութիւններ պիտի ձեռնարկեն անոնց դէմ, քան առանձին հաղորդագրութիւններ կամ հաշիւներ ջնջելը:
Facebook-ը պարբերաբար կը ջնջէ այն հաշիւները, որոնք կը խախտեն ընկերութեան կողմէ հաստատուած քաղաքականութիւնը: Այդ պատճառով ան բազմիցս քննադատութեան ենթարկուած է առանձին երկիրներու իշխանութիւններու կողմէ: Նման ամենաաղմկոտ դէպքը ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի հաշիւներու արգելափակումն էր այն բանէն ետք, երբ 6 Յունուարին անոր կողմնակիցները ներխուժեցին Քափիթոլիում: