Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան 31 օգոստոսին Պրահայի մէջ (Չեխիա) «Ֆորում 2000» համաժողովին ըսած է, որ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան դարաշրջանն աւարտած է։
Միջոցառումը հեռարձակուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրեան էջով։
«Յաղթանակի ճանապարհին մենք միշտ պիտի բախինք դժուարին ընտրութիւններու եւ միշտ պիտի գայթակղինք կիսատ միջոցներ ձեռնարկել՝ հաւասարակշռութիւն գտնելու համար… Բայց դառն ճշմարտութիւնն այն է, որ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան դարաշրջանն աւարտած է, ինչպէս եւ կիսատ-պռատ միջոցներու դարաշրջանը։ Մենք պէտք է վճռական ըլլանք, գործին նուիրուած: Այո, մենք պէտք է կոշտ ըլլանք, բայց սա պատերազմը յաղթելու միակ միջոցն է, յատկապէս պատերազմը այնպիսի երկրի դէմ, ինչպիսին Ռուսիան է՝ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ»,- ըսած է Քուլեպան։