image

Եւրոպայի ախոյեան Ռաֆայէլ Յարութիւնեան իր յաղթանակը կը նուիրէ ընտանիքին եւ հայ ազգին

Եւրոպայի ախոյեան Ռաֆայէլ Յարութիւնեան իր յաղթանակը կը նուիրէ ընտանիքին եւ հայ ազգին

«Շատ էի սպասել այս օրուան: Յաղթանակս նուիրում եմ ընտանիքիս եւ ամբողջ հայ ազգին»:

Այս մասին Ալպանիայէն ըսաւ ծանրամարտի Եւրոպայի նորընծայ ախոյեան Ռաֆայէլ Յարութիւնեանը:

Յունիս 1-ին Հայաստանը առաջին ախոյեանը ունեցաւ Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մէջ:

81 քկ քաշային կարգին մէջ բոլորը ետեւ թողեց Ռաֆայէլ Յարութիւնեանը: Երիտասարդներու աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանը երկամարտին մէջ գրանցեց 354 քկ (160+194):

Հարցին, թէ որո՞ւ կը նուիրէ իր յաղթանակը: Ան ըսաւ, որ առաջինը իր ընտանիքին, «որ ինձ համար լայն հասկացողութիւն է: Յաղթանակս նուիրում եմ նաեւ ամբողջ հայ ազգին»: