24 նոյեմբերին, Եւրոպական խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ հաստատած է Պելառուսիոյ մէջ մարդկային իրաւանց խախտումները դատապարտող բանաձեւը, կը գրէ Regnum-ը։
Բացի այդ, եւրոպացի պատգամաւորները նոյն բանաձեւին մէջ դատապարտած են Պելառուսիոյ որոշումը՝ մասնակցիլ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական յատուկ գործողութեան` տրամադրելով իր տարածքը։
Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Ռուսիոյ ղեկավարներուն հետ հաւասար պատասխանատւութիւն կը կրէ ռազմական յանցագործութիւններու համար եւ «պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի միջազգային ատեանի առջեւ», ըսուած է բանաձեւին մէջ:
Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր որոշումները խորհրդատուական բնոյթ ունին։