Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով ծառայութեան մամլոյ բանբեր՝ Նապիլա Մասրալին 3 նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի երրորդ նիստին վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակեց:
«Եւրոպական Միութիւնը Պրիւքսէլի մէջ հիւրընկալած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանային յանձնախումբերու երրորդ հանդիպումը: Հանդիպումը յաջորդած է Եւրոպական խորհուրդի (նախագահ) Շարլ Միշելի, Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի` Պրիւքսէլի մէջ կատարած բարձր մակարդակի հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն: Եւրոպական Միութիւնը բարձր կը գնահատէ կառուցողական մթնոլորտը, որուն մէջ անցած է հանդիպումը, եւ կողմերու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխատանքը սահմանային խնդիրները լուծելու, ինչպէս նաեւ անվտանգային կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ նիստը կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ՝ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ:
Մինչ նիստի մեկնարկը Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Սթեֆանօ Սանինօ ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնները, յաջողութիւն մաղթած յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ վերահաստատած Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը հետագային եւս օժանդակութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն մէջ:
Լուրը՝ Ազդակէն