image

Եւրոպական քանի մը օդակայան ենթարկուած է «սայպըր» յարձակման

Եւրոպական քանի մը օդակայան ենթարկուած է «սայպըր» յարձակման

Եւրոպայի քանի մը օդակայաններ տուժած են «սայպըր» յարձակումէ, որ կաթուածահարած է գրանցման համակարգերը։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին «ՌԻԱ Նովոսլի»-ին յայտնած են Պրիւքսելի միջազգային օդակայանէն։

Աւելի վաղ Պրիւքսելի «Զաւենթէմ» օդակայանը տեղեկացուցած էր, որ իր ուղեւորներու գրանցման եւ նստեցման համակարգերու ծառայութիւն մատուցողը ենթարկուած է «սայպըր» յարձակման, որու հետեւանքով օդակայանին մէջ գրանցումը կը կատարուի միայն ձեռքով, իսկ թռիչքներու յետաձգումներ եւ չեղարկումներ հնարաւոր են։

Աղբիւրին համաձայն՝ «սայպըր» յարձակման ազդեցութեան տակ են նաեւ քանի մը այլ Եւրոպական օդակայաններ։