Մոսկուան Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կը դիտարկէ որպէս Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ «խցկուելու» փորձ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Որքան ես կը հասկնամ, առաքելութեան վերաբերեալ ԵՄ պաշտօնական որոշում դեռ չէ կայացած։ Մենք այդ կը դիտարկենք որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ «խցկուելու» փորձ եւ հերթական փորձ՝ ճնշելու Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը։ Ի հարկէ, ինքնիշխան պետութիւնները պէտք է կառուցեն իրենց յարաբերութիւնները... ։ Երէկ ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը տրտմութեամբ նշեց, որ «ԵՄ տնտեսութեան բարգաւաճումն աւարտած է ռուսական աժան ու որակեալ կազի հետ միասին։ Մենք պէտք է ինչ-որ կերպ դուրս լողանք, եւ յատկապէս հաշուի առնելով այն ֆիզիոնոմիան, որ անոնք կառուցած են ոչ միայն մեր, այլեւ Փեքինի համար, այդ ընելը շատ դժուար պիտի ըլլայ», Պորել բառացիօրէն ճիշդ այդպէս ըսաւ: Իսկ ես պարոն Պորելին կը յիշեցնեմ իր նախորդի՝ տիկին Էշթընի դերը, որ կը գլխաւորէր եւրոպական դիւանագիտութիւնը եւ նոյնպէս իր վրայ վերցուցած էր ողջ ԵՄ-ի անունով միջնորդի դերը Մայտանի մէջ։
Պատմութենէն մենք գիտենք, որ ԵՄ առաքելութիւնները իրական կարգաւորման չեն յանգեցուցած։ Եթէ դուք գիտէք վերջին ժամանակներս յաջողած օրինակներու մասին, նշեցէք այդ օրինակները… Ես անոնք ոչ միայն չկարողացան միջնորդներ ըլլալ ուրիշներու համար, այլեւ չկարողացան պաշտպանել իրենց շահերը, իրենց՝ որպէս միաւորում եւ իրենց անդամ երկիրներու շահերը: ...Երեւանի եւ Պաքուի հաշտեցման, տարածաշրջանի մէջ ամուր խաղաղութեան եւ երկարատեւ կայունութեան հաստատման միակ բանալին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու լիարժէք իրականացումն է։ Մենք այս հարցի շուրջ կանոնաւոր կապեր կը պահպանենք մեր հայ ու ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ, եւ այդ առումով պիտի օգտագործենք նաեւ Աստանայի մէջ ԱՊՀ արտաքին գործերու նախարարներու յառաջիկայ նիստի հնարաւորութիւնը»,- նշած է Զախարովան։