image

Եւրոպական Միութիւնը կը գործակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ

Եւրոպական Միութիւնը կը գործակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ

Եւրոպական Միութիւնը ամէն կերպ պիտի աջակցի Հայաստանին ու Ատրպէյճանին համաձայնութեան պայմանագրի  հաստատման պարագային զայն կեանքի կոչելու համար: Այս մասին ըսած է ԵՄ արտաքին դիւանագիտութեան յանձնակատար Ժոզեփ Պորէլը` պատասխանելով հարցին, թէ անվտանգութեան ինչ երաշխիքներ կրնայ տրամադրել ԵՄ-ն Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պայմանաւորուածութիւններու ձեռք բերման պարագային:

«Մենք իսկապէս ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ այդ համաձայնութիւնը ձեռք բերուի: Եւ մենք կը համագործակցինք երկու կողմերուն հետ, որպէսզի անոնք իսկապէս ձգտին այս համաձայնագրի հաստատման: Մենք դեռ հեռու ենք անկէ, սակայն եթէ այդ տեղի ունենայ, ապա Եւրոպական միութիւնը պիտի տրամադրէ հնարաւոր որւէ օգնութիւն, որպէսզի աջակցի այդ համաձայնութեան կեանքի կոչման», ըսած է Պորէլ: