Եւրոպական Միութիւնը ամէն կերպ պիտի աջակցի Հայաստանին ու Ատրպէյճանին համաձայնութեան պայմանագրի հաստատման պարագային զայն կեանքի կոչելու համար: Այս մասին ըսած է ԵՄ արտաքին դիւանագիտութեան յանձնակատար Ժոզեփ Պորէլը` պատասխանելով հարցին, թէ անվտանգութեան ինչ երաշխիքներ կրնայ տրամադրել ԵՄ-ն Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պայմանաւորուածութիւններու ձեռք բերման պարագային:
«Մենք իսկապէս ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ այդ համաձայնութիւնը ձեռք բերուի: Եւ մենք կը համագործակցինք երկու կողմերուն հետ, որպէսզի անոնք իսկապէս ձգտին այս համաձայնագրի հաստատման: Մենք դեռ հեռու ենք անկէ, սակայն եթէ այդ տեղի ունենայ, ապա Եւրոպական միութիւնը պիտի տրամադրէ հնարաւոր որւէ օգնութիւն, որպէսզի աջակցի այդ համաձայնութեան կեանքի կոչման», ըսած է Պորէլ: