27-29 նոյեմբերին Հայաստան պիտի ժամանէ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն։ Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան կայքէջը, ուր մասնաւորապէս գրուած է:
«Այցի ընթացքին պիտի քննարկուին տարբեր հարթութիւններու ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ նպատակ ունենալով դիտարկել ԵՄ-ՀՀ կապերու խորացման եւ ամրապնդման հնարաւոր ուղղութիւնները, նաեւ ինչպէս կրնայ Հայաստան օգտագործել ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ողջ ներուժը»:
Նշուած է նաեւ, թէ ժամանող պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
«Այցի կապակցութեամբ կ'ազդարարուի Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ներդրումներու համակարգման հարթակի մեկնարկը», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։