image

Եւրոպացիք պիտի երթա՞ն ծայրայեղ քայլի. Ռուսիան կրնայ ահաբեկչութեան սատարող երկիր ճանչցուիլ

Եւրոպացիք պիտի երթա՞ն ծայրայեղ քայլի. Ռուսիան կրնայ ահաբեկչութեան սատարող երկիր ճանչցուիլ

Եւրոպական խորհրդարանը Ռուսիան պիտի հռչակէ ահաբեկչութիւն հովանաւորող երկիր, բանաձեւի բնագիրը համաձայնեցուած է։ Այս մասին իր թուիթըրեան էջէն յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի լիթվացի պատգամաւոր Անտրիուս Քուպիլիուսը։

«Եւրոխորհրդարանի քաղաքական խումբերու միջեւ չորս ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք բնագրի շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է», - գրած է Անտրիուս Քուպիլիուսը։

Ինչպէս աւելցուցած է քաղաքական գործիչը, բանաձեւի առանցքային կէտն այն է, որ «Եւրոխորհրդարանը Ռուսիան կը ճանչնայ որպէս ահաբեկչութեան հովանաւոր եւ ահաբեկչական միջոցներ կիրառող պետութիւն»։