image

Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանին կոչ ըրաւ անյապաղ ազատ արձակելու Պաքուի մէջ պահուող հայերը

Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանին կոչ ըրաւ անյապաղ ազատ արձակելու Պաքուի մէջ պահուող հայերը

Եւրոպական խորհրդարանը, Մարտ 13-ին, հրատապ կարգով բանաձեւ մը ընդունած է Պաքուի մէջ պահուող հայերու, այդ շարքին՝ Արցախի նախկին ղեկավարութեան մասին։ Եւրոպական խորհրդարանը կոչ ըրած է Ատրպէյճանին՝ զանոնք անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու։

Բանաձեւը ընդունուած է ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ՝ 523 կողմ, 3 դէմ եւ 84 ձեռնպահ։

Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր մեծ խմբակցութիւններու համատեղ փաստաթուղթը կը շեշտէ, որ հայերու դէմ կատարուող դատավարութիւնները կեղծ են, անոնք ենթարկուած են անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի, այդ շարքին՝ արգիլուած հոգեմետ միջոցներու օգտագործման։