Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պէտք է դադրի անարգալից ոճով խօսելէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մասին, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Եթէ Թրամփն իրականութեան մէջ ուզէ բանակցիլ, ուրեմն պէտք է հրաժարի Իրանի Գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Խամենէիի հասցէին օգտագործած անարգալից եւ անընդունելի ոճէն», - գրած է նախարարը X-ին։
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խիստ քննադատած էր Ալի Խամենէին եւ ըսած էր, որ պիտի քննարկէ Իրանը կրկին ռմբակոծելու հնարաւորութիւնը, եթէ Թեհրանը շարունակէ իւրանիոմի հարստացումը։
«Ես յստակ գիտէի, թէ ան ուր ապաստան գտած էր եւ չէի ձգած, որ Իսրայէլը կամ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը, որ անկասկած աշխարհին մէջ ամենաազդեցիկն է, վերջ դնեն անոր կեանքին», - ըսած էր Թրամփ ընկերային ցանցով իր գրառման մէջ։