Եթէ 1 հայ վերադառնայ Ղարաբաղ, ապա 1 ատրպէյճանցի պէտք է վերադառնայ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» (նկատի ունի ՀՀ ինքնիշխան տարածք), եթէ 1000 հայ վերադառնայ «ազատագրուած տարածքներ» (նկատի ունի բռնագրաւուած Արցախը), ապա 1000 ատրպէյճանցի պէտք է վերադառնայ «Արեւմտեան Ատրպէյճան». նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի հասարակական միաւորումներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ֆազիլ Մուսթաֆա:
Ան այս մասին ըսած է «Անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» թեմայով խորհրդարանական լսումներու ժամանակ։
Ատրպէյճանցիի խօսքով՝ հայկական կողմը կը ձգտի ապահովել, որ ճնշում գործադրուի Ատրպէյճանի վրայ՝ Արցախի հայերու վերադարձի հարցով։ Մուսթաֆա կը կարծէ, որ ատրպէյճանական կողմն այս հարցով պէտք է հակապայման առաջ տանի։