image

Եթէ Կազայի մէջ Իսրայէլի յանցագործութիւնները շարունակուին, ոչ ոք կրնայ կանգնեցնել իսլամները եւ դիմադրութեան ուժերը. Այաթոլլա Խամենէի

Եթէ Կազայի մէջ Իսրայէլի յանցագործութիւնները շարունակուին, ոչ ոք կրնայ կանգնեցնել իսլամները եւ դիմադրութեան ուժերը. Այաթոլլա Խամենէի

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Սէյիտ Ալի Խամենէին յայտարարած է, որ եթէ Կազայի մէջ Իսրայէլի յանցագործութիւնները շարունակուին, ոչ ոք կրնայ կանգնեցնել իսլամները եւ դիմադրութեան ուժերը։ Այս մասին գրած է «ԻՌՆԱ»-ն:

Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդը մանրամասնած է, որ իրենց տեղեկութիւններով՝ վերջին շաբթուան ընթացքին Իսրայէլի քաղաքականութիւնը կը ղեկավարուի ամերիկացիներու կողմէ։

Անոր խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները պատասխանատու է վերջին յանցագործութիւններու համար, իսկ Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի:

Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդն ընդգծած է, որ ռմբակոծութիւնը պէտք է անյապաղ դադրեցուի: