image

Ես քաղբանտարկեալ եմ եւ մահուան սեմին. Սահակաշվիլի

Ես  քաղբանտարկեալ եմ եւ մահուան սեմին. Սահակաշվիլի

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխեիլ Սահակաշվիլին յայտարարած է, որ կալանքի տակ գտնուելով՝ կը մահանայ։ Քաղաքական գործիչը յօդուած գրած է Politico հրատարակութեան համար, որ յանձնած է փաստաբանի միջոցով։

«Երբ ես վերադարձայ Վրաստան 2021 թուականի հոկտեմբերին, ութ տարուան աքսորէն ետք՝ աջակցելու ազատ եւ արդար խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ես առողջ, եռանդուն 54-ամեայ տղամարդ էի: Այնուհետեւ ինծի անմիջապէս ձերբակալեցին վրացական իշխանութիւնները: Այդ ժամանակէն ի վեր ես կալանքի տակ եմ, առողջութիւնս արագ վատացաւ, ես հիմա քաղբանտարկեալ եմ, եւ ես կը մեռնիմ»,-ըսած է ան։

Քաղաքական գործչի խօսքով՝ ինքը այժմ կը տառապի «բանտին մէջ ձեռք բերած 20-է աւելի լուրջ հիւանդութեան պատճառով»:

Քաղաքական գործիչը պնդած է, որ իր հաւանական մահը Վրաստանի մէջ «քաղաքական քաոս» պիտի առաջացնէ, իսկ Ռուսիոյ մէջ այդ, իբր, յաղթանակ կը համարեն: Ան նաեւ իր առողջական վիճակի համար մեղադրած է Մոսկուան։