image
Հրատապ լուրեր:

«Ես լաւ յարաբերութեան մէջ էի Փութինի հետ». Թրամփ Մասքի հետ հարցազրոյցի ժամանակ

«Ես լաւ յարաբերութեան մէջ էի Փութինի հետ». Թրամփ Մասքի հետ հարցազրոյցի ժամանակ

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ եւ նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Х հարթակի սեփականատէր, միլիառատէր Իլոն Մասքի հետ հարցազրոյցին յայտնած է, որ Ռուսիան չէր ներխուժեր Ուքրանիա, եթէ Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահը չ'ըլլար Ճօ Պայտընը։

Մասք չէ հերքած այս պնդումը՝ Թրամփին յայտնելով, որ ան «հիանալի միտք» արտայայտած է։

«Ես շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ էի Փութինի հետ, եւ ան կը յարգէր զիս»,- ըսած է Թրամփ՝ աւելցնելով, որ յաճախ խօսած է Փութինի հետ։- «Մենք խօսած ենք Ուքրանիոյ մասին։ Այդ իրեն համար ըսես աչքի լոյսը ըլլար։ Բայց ես իրեն ըսի չընել այդ»։

Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուն նաեւ յայտնած է, որ «գիտէ» Ռուսիոյ նախագահը եւ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը։

«Անոնք խելացի են եւ արատաւոր։ Երբ անոնք կը տեսնեն Քամալան կամ Քնած Ճոնը, չեն կրնար անոր հաւատալ»,- ըսած է ան՝ սխալ արտաբերելով Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի անունը։

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը նաեւ պատմած է այն ժամանակի մասին, երբ ինք իբր թէ խորհուրդ տուած է Փութինին չներխուժելու Ուքրանիա։

«Ես իրեն ըսի. «Մի ըներ այդ։ Դուն չես կրնար ընել այդ, Վլատիմիր»։ «Ան ըսաւ՝ ոչ մէկ պարագայի», եւ ես ըսի՝ «ոչ մէկ պարագայի»,- յայտնած է Թրամփ։