image

Բնիկ Մուսալեռցի Խաժակ Գապագեանի անժամանակ կորուստը

Բնիկ  Մուսալեռցի Խաժակ Գապագեանի անժամանակ կորուստը

  Երիտասարդ կեանքի մը թելը յանկարծ ու անսպասելիօրէն կտրուեցաւ՝ խոր վիշտ ձգելով Այնճարի մէջ։ Խաժակ Գապագեանի մահը ծանր կորուստ մըն է ոչ միայն իր ընտանիքին ու հարազատներուն, այլեւ ամբողջ գիւղին համար, ուր ան սիրուած ու յարգուած էր բոլորին կողմէ։ 1976-ին ծնած Խաժակ Գապագեանի կեանքը դեռ շարունակուելիք շատ էջեր ունէր, երբ մահը անսպասելիօրէն փակեց այդ կեանքի թելը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Մուսալեռ-Այնճար» էջին կողմէ հրապարակուած մահազդը.

ԽԱԺԱԿ ԳԱՊԱԳԵԱՆԻ ՄԱՀԱԶԴԸ

Տիկին Ակի Շուէյթր եւ զաւակը՝ Ճիւան Գապագեան,

Տիկին Անի Գապագեան եւ դուստրերը՝ Ծովակ եւ Շողակ,

եւ համայն Գապագեան, Գէօհիւլեան, Փալթաճեան, Հաւաթեան, Հապէշեան, Թաշճեան, Մկրտիչեան, Գասամանեան եւ Ղուկասեան ընտանիքները կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւակին, եղբօր եւ հարազատին՝

ԽԱԺԱԿ ԳԱՊԱԳԵԱՆԻ

(Ծնեալ՝ 1976)

մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026-ին։

Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, կ.ե. ժամը 3:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի Ազգային գերեզմանատունը։

Ցաւակցութիւնները  ընդունուեցան թաղման արարողութենէն առաջ՝ Շաբաթ, 12 Սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-7:00, եւ Կիրակի, 13 Սեպտեմբերին, ժամը 11:00-6:00, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս։

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ։