Սահմանադրութեան հետ կապուած մեր դիրքորոշումները մենք արտայայտեր ենք: Ես ըսեր եմ նաեւ, որ վաւերացման գործընթացին մէջ, եթէ մեր Սահմանադրական դատարանը կ՚որոշէ, որ ստորագրուած, հիմա՝ նախաստորագրուած եւ որպէս արդիւնք ստորագրուած Խաղաղութեան համաձայնագիրը ունի հակասութիւններ Սահմանադրութեան հետ՝ ես ինքս կը նախաձեռնեմ սահմանադրական փոփոխութիւններ: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Այս պահին դրա մասին մտածելու անհրաժեշտութիւն եւ կարիք չկայ, բայց միւս կողմից ուզում եմ բոլորիս յիշեցնել, որ մենք ունենք նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու օրակարգ, որը ես ժամանակին ասել էի որպէս ժամկէտ 2027 թուականը: Մենք հիմա աշխատում ենք նոր Սահմանադրութեան նախագծի վրայ եւ երբ որ պատրաստ լինի, ըստ ամենայնի, կը գնանք հանրաքուէի», - նշած է Փաշինեանը, աւելցնելով՝ այդ որեւէ կապ չունի զուգահեռաբար այս գործընթացի հետ, չնայած՝ ռազմավարական առումով կրնայ ազդեցութիւն ունենալ այդ գործընթացի վրայ: