image

Էրզրումի մէջ. հակահայկական կեդրոն բացուած է (Լուսանկար)

Էրզրումի մէջ. հակահայկական կեդրոն բացուած է (Լուսանկար)

Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Էրզրումի մէջ հայ–թրքական յարաբերութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի անուան տակ հակահայկական կեդրոն բացուած է։

Թրքական Anadolu–ի հաղորդմամբ՝ Էրզրումի մէջ հայ–թրքական յարաբերութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի բացման բոլոր ելոյթները վերաբերած են իբր հայերու կողմէ թուրքերու կոտորածներուն։

Օրինակ, Էրզրումի քաղաքապետը պնդած է, թէ իբր դարասկիզբին հայերը Էրզրումի եւ շրջակայքին մէջ 50 հազար թուրք կոտորած են:

Իր հերթին հակահայկական քարոզչութեամբ զբաղող թուրք պատմաբան Էրօլ Քիւրքչուօղլուն յայտարարած է, թէ նորաստեղծ կեդրոնի մէջ հաւաքուած են հայերու կողմէ թուրքերը ցեղասպանութեան ենթարկելու մասին բազմաթիւ ապացոյցներ պարունակող 9500 գիրքեր։