image
Հրատապ լուրեր:

Անթիլիաս. Վարդապետական աստիճանի տուուչութիւն 3 երիտասարդ միաբաններու

Անթիլիաս. Վարդապետական աստիճանի տուուչութիւն 3 երիտասարդ միաբաններու

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք ՝

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երեք աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան, ներկայացուցին Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը եւ յընթացս 24 Մայիս 2026-ի կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ստացան վարդապետական չորս աստիճաններ՝ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։

Արարողութեան ընթացքին, սրբազան հայրը եկեղեցւոյ ատեանին մէջ հաւատքի քննութիւն կատարեց ընծայեալ հայր սուրբերուն, որոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին՝ միաբերան արտասանելով Հաւատոյ Դաւանանքը։ 

Աւարտին, սրբազան հայրը յղեց իր քարոզը, որուն մեկնակէտը Հոգեգալստեան տօնն էր: «Այսօր, Սուրբ Հոգիին գալստեան տօնին ուրախ առիթով, հաւաքուած ենք հաղորդակից դառնալու մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ մասնակից՝ կատարուած վարդապետական իշխանութեան յատուկ կարգի տուուչութեան արարողութեան», ըսաւ ան: Մանրամասնելով Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը՝ ձեռնադրիչ սրբազան հայրը նշեց, որ Հոգեգալուստը ժամանակին մէջ սոսկ պահ մը չէր, այլ Աստուծոյ Հոգիին բռնկումն էր հաւատացեալներու սիրտին մէջ՝ զօրացնելու զանոնք, որպէսզի տարածեն Իր պատգամը: Մինչեւ այդ պահը առաքեալները վախի ու անորոշութեան մէջ էին, սակայն Սուրբ Հոգւոյ գալուստով՝ անոնք զօրացան եւ սպառազինուեցան իրենց առաքելութեան համար: 

Մակար արքեպիսկոպոս նաեւ բացատրեց, որ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալները սկիզբը գացին եւ խոստովանեցան իրենց տկարութիւնն ու անարժանութիւնը՝ ի դիմաց աստուածատուր կոչումին, բայց Աստուած զանոնք առաքեց՝ զօրութիւն հագցնելով եւ ամրացնելով: Հոգեգալուստը միայն առաքեալներուն համար չէր, այլ նաեւ եկեղեցւոյ ծնունդն էր, որուն շնորհիւ եկեղեցին կը մեծնայ ու կ՚աճի, երբ հաւատացեալներ Սուրբ Հոգիով լեցուած են եւ ո՛չ թէ պարզապէս գաղափարներով ու ծրագիրներով: 

Ապա, իր խօսքը ուղղելով վարդապետական իշխանութեան արժանացած երեք միաբան հայրերուն՝ քարոզիչ սրբազան հայրը ըսաւ. «Ինչպէս աստուածաշնչական դէմքերը՝ Մովսէսը, Եսային, Երեմիան, Յեսուն, առաքեալները եւ ուրիշներ Սուրբ Հոգիով լեցուած, զօրացած եւ իմաստնացած առաջնորդեցին ժողովուրդը դէպի Աստուած եւ խոստացեալ երկիր՝ վստահելով Աստուծոյ խօսքին, այնպէս ալ մենք, այսօր կրնանք մեր կեանքին մէջ Հոգեգալուստը ծառայութեան եւ ուսուցման միջոցով արտայայտել»: Ան յորդորեց նորընծայ վարդապետները հաւատքով ընդունելու Աստուծոյ կանչը, խոնարհութեամբ աղօթելու, վստահութեամբ ու յոյսով սպասելու Տիրոջ օգնութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ համայնքի հասկացողութեամբ ապրելու եւ ծառայելու: «Յիշեցէ՛ք, որ վարդապետական իշխանութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է, ո՛չ թէ իշխանութեան կամ պատիւի համար, այլ Աստուծոյ կամքը, ծրագիրն ու առաքելութիւնը իրականացնելու համար» ըսելով՝ եզրափակեց իր քարոզը սրբազան հայրը։

Վերջապէս, սրբազան հայրը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան, նորընծայ վարդապետներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ նորընծաներուն՝ Հայ Եկեղեցին երեք նոր վարդապետներով աճելուն ու հարստանալուն առիթով։

Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Նորին Սուրբ Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց նորընծայ վարդապետները եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց անոնց։

Նշենք, որ Շաբաթ, 23 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ աբեղաները, ներկայութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի ընծայարանական աշակերտներուն, ներկայացուցին իրենց վարդապետական աւարտաճառերը։ Արմէն վրդ. Գալաճեանի նիւթն էր «Եկեղեցական Սպասներ», Առաքել Վրդ. Գատէհճեանինը՝ «Ջուրը Աստուածաշունչ Մատեանին եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ծէսին Մէջ» եւ Ազատ Վրդ. Ֆիլքեանինը՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի Զգեստները»։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր թելադրութիւններն ու նշումները կատարելէ ետք, գնահատեց միաբան հայրերուն տարած աշխատանքը՝ ընդգծելով հոգեմտաւոր կազմաւորման եւ ինքնաշխատութեամբ յոյժ կարեւորութիւնը։ Աւարտին, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր Միաբանութիւնը։