Հանի Ղաուիի մահը գուժած է Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի միաւորը։
Բարեացակամ, պատրաստակամ եւ շրջապատին մէջ այնքան սիրուած անձնաւորութիւն էր Հանի Ղաուին, որուն մահուան սուգը օրերս տարածուեցաւ Երուսաղէմի հայկական եւ յատկապէս Հայ Երիտասարդաց Միութեան շրջանակներուն մէջ, որուն կ՚անդամակցէր երիտասարդ հանգուցեալը։
Կեանքի ասպարէզ նետուած Հանի Ղաուի ընտանիքի հայր էր 3 զաւակներու եւ ու հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու շնորհիւ իր մօր պահած էր իր հայկական արմատները։
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը վարպետ շինարար էր ու մասնագէտ արդիական պատուհաններու տեղադրման գործին մէջ։
Նոյնիսկ մասնագիտական ոլորտին մէջ ան իր կարելին կը կատարէր ու խղճամտօրէն ծառայութիւն կը մատուցէր համայնքի հայկական շրջանակներուն։
Ստորեւ հանգուցեալի մասին տրուած հակիրճ մահագրականը, որ հրապարակուած է Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի պաշտօնական էջին։
Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան Վարչութիւնը եւ համայն անդամութիւնը խոր վիշտով կը գուժեն անակնկալ մահը՝ Միութեանս անդամ Հանի Ղաուիին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ին։
ՀԵՄ-ի Վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի կնոջը, զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն