Իրաքը սկսած է նաւթ արտահանել Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ գտնուող ալ-Ուալիտ սահմանային անցակէտով։ Այս մասին իրաքեան INA լրատուական գործակալութեան յայտնած է ալ-Ուալիտ շրջանի ղեկավար Մուճահիտ ալ-Տուլէյմին։
«Այսօր տեղի ունեցաւ Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ գտնուող ալ-Ուալիտ սահմանային անցակէտին փորձնական բացումը՝ նաւթատարներու մուտքին համար»,– ըսած է ալ Տուլէյմին։
Անոր խօսքով՝ ներկայիս Սուրիոյ տարածք մուտքի կը սպասեն աւելի քան 150 նաւթատար։ Միեւնոյն ժամանակ, Իրաքի իշխանութիւնները յոյս ունին, որ այս անցակէտով օրական միջին հաշուով պիտի անցնին առնուազն 500 ինքնաշարժ-սիթեռներ։
Իր հերթին Reuters գործակալութիւնը մարտ 31-ին հաղորդած է, որ իրաքեան պետական SOMO ընկերութիւնը, որ կը զբաղի նաւթի վաճառքով, աւարտած է ապրիլ ամիսէն մինչեւ յունիս Սուրիոյ տարածքով ցամաքային փոխադրումներու համար ամսական շուրջ 650 հազար մեթրական թոն վառելանիւթ (մազութ) մատակարարելու պայմանագրերը։