image

Էրտողանի առողջական վիճակը դարձեալ լուսարձակի տակ (Տեսանիւթ)

  Էրտողանի առողջական վիճակը դարձեալ լուսարձակի տակ (Տեսանիւթ)

 Թուրքիոյ նախագահի առողջական վիճակը դարձեալ լուսարձակի տակ 

 Սագօ Արեան Լրագրողի Էջ-էն կը կարդանք 

Թուրքիոյ  ընկերային ցանցերը, երէկ իրիկուան ժամերուն բառիս բուն իմաստով «պայթեցան». խնդիրն այն է, որ ուղիղ եթերի ժամանակ, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան կը պատասխանէր լրագրողներու հարցումներուն գրեթէ ուշագնաց եղաւ։ Ուղիղ հայտագիրը դադրեցուեցաւ ու պահ մը ետք վերստին սկսաւ ու յայտագիր վարող մեկնաբանը ներողութիւն հայցեց, որ այսքանով պիտի բաւարարուինք։

 Աւելի ուշ Էրտողան ինք արտայայտուեցաւ իրադրութեան մասին նշելով, որ վերջին օրերուն յայտնուած է գերյոգնած վիճակի մը մէջ եւ ունեցած է ստամոքսային ցաւեր։ 

 Սա առաջին անգամը չէ, որ Էրտողանի առողջութիւնը լուսարձակի տակ կը դրուի եւ աւելի քան պարզ է, որ Թուրքիոյ առաջնորդը ունի բարդ խնդիրներ, այլ խօսք, որ ան կը կարողանայ շարունակել ընտրարշաւը, սակայն յայտնի է, որ ան առաջուայ փուլերուն պէս պիտի չըլլայ։ 

 Այս բոլորի ներքոյ ալ, աւելի քան բացայայտ է, որ իշխող վերնախաւին համար ինք ՝Էրտողան ցարդ անփոխարինելի է։

 Տեսանիւթը Թուրքիոյ նախագահին անհանգստութեան պահն է։ 

 Հետեւորդներուս յիշեցնեմ, որ Թուրքիոյ ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ 14 Մայիսին