image

Էրտողան ժամացոյց մը նուիրած է Պոլսահայ մեծամեծներէն՝ Տիգրան Կիւլմէզկիւլի (Լուսանկար)

   Էրտողան ժամացոյց մը նուիրած է Պոլսահայ մեծամեծներէն՝ Տիգրան Կիւլմէզկիւլի (Լուսանկար)

 Պոլսոյ հայկական համայնքի վառ անհատականութիւններէն Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիւլ օրերս պատուիրակութեան մը կազմին մէջ ըլլալով հանդիպած է Թուրքիոյ նախագահին։

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Էրտողան ժամացոյց մը նուիրած է պոլսահայ գործիչին։

Մեր հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ Կիւլմէզկիւլ Պոլսոյ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ ն է ու նաեւ Թուրքիոյ մէջ մեծ ազդեցիկութիւն ունեցող Ֆութպոլի Կալաթասարայ մարզակումբի գլխաւոր վարչութեան անդամ։

 «Արեւելք» այս մասին կարդաց Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականէն, ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին տրուած լրատւութիւնը։

 

Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ նախընթաց օր Կալաթասարայ մարզակումբի բազմանդամ պատուիրակութեան հետ Անգարայի մէջ ընդունուած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Ան, որպէս մարզակումբի վարչային ընդգրկուած էր պատուիրակութեան կազմին մէջ եւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահ Էրտողանի ձեռամբ յուշանուէր ստացաւ ժամացոյց մը՝ ի յիշատակ այդ հանդիպման։