image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան նոր ռազմավարութիւն պիտի սահմանէ քրտական հարցով. Թրքական աղբիւր

Էրտողան նոր ռազմավարութիւն պիտի սահմանէ քրտական հարցով.  Թրքական աղբիւր

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան մտադիր է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (Ak Parti) ղեկավար կազմի հետ նոր ռազմավարութիւն սահմանել քրտական հարցի լուծման համար։ Այս մասին յայտնած է կառավարամէտ Yeni Şafak թերթը։

Պարբերականին մէջ նշուած է, որ առաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ նախագահը պատուիրակութիւն պիտի ընդունի, որ նախապէս հանդիպած է հանրապետութեան մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ապտուլլա Օճալանի հետ։

«Կ՚ակնկալուի, որ առաջիկայ օրերուն նախագահ Էրտողան ընդունի (քրտամէտ - խմբ.) DEM կուսակցութեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպման մանրամասնութիւնները եւ ատոր հնարաւոր քաղաքական հետեւանքները պիտի քննարկուին իշխող կուսակցութեան հետ, ինչպէս նաեւ պիտի որոշուի նոր ռազմավարութիւն, որուն պէտք է հետեւիլ այդ գործընթացին մէջ», –ըսած է հրապարակման մէջ։

Յիշեցնենք, որ փետրուարի վերջը թրքական քրտամէտ DEM կուսակցութեան ներկայացուցիչներն ընթերցեցին Օճալանի ուղերձը Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան, որուն մէջ լուծարման եւ զինաթափման կոչ եղած է։ Ատկէ ետք PYD-ի (Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն) քրտական զինուած ջոկատները յայտարարեցին, որ պատրաստ են զէնքը վար դնելու, եթէ իրենց թոյլ տան քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել Թուրքիոյ մէջ։

Կառավարութիւնը կ՚ակնկալէ, որ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան լուծարումը երկու-երեք ամիս պիտի տեւէ։ Միեւնոյն ժամանակ, լրատուամիջոցներու տուեալներով, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը ռազմական գործողութիւններու ծրագիր կը մշակէ, եթէ յանկարծ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը չենթարկուի Օճալանի կոչին եւ հրաժարվի վար դնել զէնքերը։

Սա բանտէն Օճալանի առաջին նման ուղերձը չէ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան։ Կուսակցութեան հետ զինուած հակամարտութիւնը սկսած է Թուրքիոյ մէջ 1984 թուականին եւ վերսկսած 2015 թուականին։